2014-01-18 10:55:21

Լիբանանի Արսալ եւ Պեքաայի այլ շրջաններ` ռմբակոծումի թիրախ


Պեքաայի Արսալ գիւղաքաղաքը երէկ ենթարկուեցաւ ռմբակոծումի` Սուրիոյ կողմէ Լիբանանի դէմ արձակուած հրթիռներուն իբրեւ հետեւանք:
Ռմբակոծումը պատճառեց 7 զոհեր, որոնք բոլորը պատանիներ են, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց 15 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 10:45-12:00 Ռաս Պաալպեք, Քուեխ, Պուայտա-Հերմել, Մաշարիհ Քահ եւ Արսալ ռմբակոծումի ենթարկուած են:
Նշեալ շրջանները թիրախ դարձած են 20 հրթիռներու, որոնք Սուրիայէն արձակուած են:
Ըստ հաղորդագրութեան, ռմբակոծումը պատճառած է մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ վեց հրթիռներ Արսալը թիրախ դարձուցած են` շեշտելով, որ այդ հրթիռները արձակուած են լիբանանեան հողերէն:
Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալը թիրախ դարձուցած հրթիռները Հըզպալլայի կողմէ ուղղակի պատգամներ են:
Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ռաս Պաալպեքի մէջ ինկած ռումբերը Արսալէն արձակուած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.